Русия води позорна война срещу Украйна.     Бъдете с Украйна!
Споделяне
Размер на шрифта
Превод
Размяна на местата на текста и превода

Հանգստաւէտօրէն թմրած

Բարեւ
Հոն մէկը կա՞յ
Միայն գլուխով նշան ըրէ եթէ կը լսես ինծի
Տունը մէկը կա՞յ
 
Եկուր, հիմա
Լսեցի նեղուած ես
Կրնամ թեթեւցնել ցաւդ
Ոտքի հանել քեզի
 
Հանդարտիր,
Նախ քանի մը տեղեկութեան պէտք ունիմ
Հիմնական տուեալներ
Կրնա՞ս ցոյց տալ ցաւած տեղդ
 
Ցաւ չկայ, կը նահանջես
Հեռաւոր նաւու մը շոքին հորիզոնին վրայ
Միայն ալիքներուն ընդմէջէն կու գաս
Շրթունքներդ կը շարժին, բայց չեմ կրնար լսել ինչ կ՚ըսես
Երբ մանուկ էի, տաքութիւն ունէի
Ձեռքերս երկու փուչիկներու պէս եղան
Հիմա նորէն այդ զգացումը ունեցայ
Չեմ կրնար բացատրել, պիտի չհասկնաս
Ես այսպէս չեմ
Հանգստագէտօրէն թմրած դարձած եմ
 
Լաւ
Քիչ մը գնդասեղի ցաւ (բինկ)
Այլեւս պիտի չզգաս -ա՜հ
Բայց կրնաս քիչ մը անհանգիստ զգալ
 
Կրնա՞ս ոտքի կանգնիլ
Կը կարծեմ, որ ազդեց, լաւ
Քեզի պիտի արտօնէ, որ շարունակես
Եկուր, ժամը հասաւ երթալու
 
Ցաւ չկայ, կը նահանջես
Հեռաւոր նաւու մը շոքին հորիզոնին վրայ
Միայն ալիքներուն ընդմէջէն կու գաս
Շրթունքներդ կը շարժին, բայց չեմ կրնար լսել ինչ կ՚ըսես
Երբ մանուկ էի, սլացող լոյս մը նշմարեցի
Աչքիս ծայրով
Դարձայ որպէսզի նայիմ, բայց գացած էր
Չեմ կրնար հիմա վերյիշել
Մանուկը մեծցած է, երազը գացած է
Հանգստագէտօրէն թմրած դարձած եմ
 
Оригинален текст

Comfortably Numb

Натиснете тук, за да видите оригиналния текст (английски)

Заявки за превод на „Comfortably Numb“
Pink Floyd: 3-те най-преглеждани
Коментари